2014-02-18 10:27:07

Կարտինալական ընդհանուր Ժողովի գլխաւոր նիւթը` ''Ընտանիքի Հովութիւնը''։


Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, երկուշաբթի 17 փետրուարին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, յայտնեց թէ Կարտինալական ութեակ խորհուրդի երրորդ ժողովի նիստերու աւարտին, 20 եւ 21 փետրուարին տեղի կ՛ունենայ Կարտինալական արտակարգ ընդհանուր ժողով - ''Գոնչիսդորօ'' - որուն ընթացքին շօշափուելիք ընդհանուր նիւթը պիտի ըլլայ Ընտանիքի հովութիւնը, առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ հոկտեմբեր 2014-ին նախատեսուած` ընտանիքի մասին գումարուած եպիսկոպոսական ընդհանուր սիւնհոդոսին։ Կարտինալական ընդհանուր ժողովը սկիզբ կ՛առնէ 20 փետրուարի առաւօտեան ժամը 9,30-ին, ժամասացութեամբ, Վատիկանի Սիւնհոդոսական սրահին մէջ, ու ապա Կարտինալական դասի գահերէց` Կարտինալ Սոտանոյի ողջոյնի խօսքէն ետք, Սրբազան Հայրը հակիրճ խօսք մը պիտի ուղղէ կարտինալներուն, հուսկ Կարտինալ Գասբեր զեկոյց մը պիտի ներակայացնէ ''Ընտանիքի'' նիւթին մասին որուն աւարտին Կարտինալները իրենց ազատ միջամտութիւնները կը կատարեն։ Ժողովը պիտի տեւէ մինչեւ ուրբաթ 21 փետրուարի երեկոյեան, իսկ շաբաթ 22 փետրուարին` Սուրբ Պետրոսի առաքելապետի աթոռի տօնին օրը, նախատեսուած է Նոր նշանակաուած 19 Կարտինալներու, կարտինալական տիտղոսի տուչութիւնը, մինչ կիրակի, 23 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, կարտինալական դասի հետ միասին, Սուրբ Պետրոսի մէջ կը մատուցէ սուրբ պատարագի գոհաբանական զոհը։








All the contents on this site are copyrighted ©.